2013-10-08 12:15:24

Կարտինալ Սանտրին Կը Միանայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Աղօթքին` Միջերկրականի Մէջ Մահացած Գաղթականներու Դիտաւորութեան ։


Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչը` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Սուրբ Աթոռի մօտ Արժանթինի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած` ''Մարեմեան'' ցուցահանդէսի բացումը կատարելով, միութիւն յայտնած է Միջերկրականի մէջ մահացած գաղթականներու դիտաւորութեան Սրբազան Քահանայապետի աղօթքին, ու մաղթած է որ յոյսը երբեք չի փարատի անտարբերութեան պատճառաւ։ Կարտինալ Սանտրին հուսկ աղօթած է Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ խաղաղութեան համար` Աստուածամօր հովանիին յանձնելով բնակիչներու ապահովութիւնը։
Յայտնենք որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը, վաղը` չորեքշաբթի 9 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8-ին, Սուրբ Պետրոս առաքելապետի դամբանին վրայ, պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւն մը Լամբետուզայի նաւաբեկութաեն զոհերու դիտաւորութեան։ Սոյն արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Եւթոպական Քահանայապետական Վարժարանի անդամները։








All the contents on this site are copyrighted ©.